Explorez tous les épisodes du podcast Եկէք անկեղծ խօսինք
| Titre | Date | Durée | |
|---|---|---|---|
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ | 08 Nov 2025 | 01:01:41 | |
🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։ Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։ Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։ ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։ 🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։ Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։ Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն» | 26 Oct 2025 | 00:55:04 | |
🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։
Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։
«Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։
Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։
🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։
🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։
Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։
Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։
Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։
Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։
⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #52 | Հրայր Զաքարեան | Փօլ Պաղտատլեան, Ատիս, Հայ Երգի «Ոսկեայ Օրեր», Լիբանան | 17 Oct 2025 | 00:39:34 | |
🇸🇾🇱🇧🇺🇸Գամիշլիէն Պէյրութ եւ Պէյրութէն Միացեալ Նահանգներ. Դժուար ճանապարհ եւ հայու ճակատագիր 🎼Հայ երգի եւ երաժշտութեան հանդէպ սէրը կիրք է խորքին մէջ։ Ի՞նչ միջոցներով Հրայր Զաքարեան մեծ յաջողութիւններու հասաւ։ 🇱🇧Լիբանանի վիճակը ծանր է այս օրերուն, սակայն գաղութը կը շարունակէ ապրիլ… 🇺🇸Որո՞ւ կը հեռաձայնէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Հայ երգի վիճակը անմխիթա՞ր է։ Փօլ Պաղտատլեանը եւ Ատիսը կերտեցին արդի երգի «Ոսկեայ տոմար»-ը։ 🇦🇲Ո՞ւր սխալեցաւ հայութիւնը եւ ի վերջոյ՝ ինչո՞ւ պատրաստ չէինք Արցախի պատերազմին։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մշակութային գործիչ, կազմակերպիչ՝ Հրայր Զաքարեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #51 | Կարօ Պուլտուքեանը՝ Սիկարի Մշակոյթին Եւ Garo Cigars-ի Մասին | 06 Oct 2025 | 00:48:20 | |
Քալել, անվերջ քալել. Քալելը միայն ապրելաոճ չէ, այլ՝ տարերք։ 🇺🇸Ի՞նչ պայմաններու տակ ան հասաւ Միացեալ Նահանգներ ու նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա 🚬Սիկարի հանդէպ հետաքրքրութիւնը ուրկէ՞ կու գար։ Սիկար ծխելը, ըստ անոր, վատ սովորութիւն մը չէ, այլ՝ կենսակերպ։ Սիկարը նաեւ ապրումի, յաջողութեան եւ բարեկեցութեան խորհրդանիշ է։ 👨⚕Հոգեբանի երթալու փոխարէն, կարելի է նաեւ սիկար մը վայելել։ Եւ ի վերջոյ, ի՞նչ պայմաններու ներքոյ Կարօ Պուլտուքեանին յաջողուեցաւ ստեղծել ՝ Garo Cigars-ը։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ապրանքանիշի տէր, հանրայայտ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #50 | Ստեփան Փարթամեան եւ Գէւ Օրգեան | Մշակոյթ, Հայաստան, Խնդուք, Կատակերգութիւն | 28 Sep 2025 | 01:11:18 | |
❓Ո՞վ եւ ինչո՞ւ իրեն ըսած է. «Գէւ, ատ շարժումը ըրիր այսօր, բայց յաջորդին մինէր…»: ✋Ո՞վ ապտակեց Գէւին։ Ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատճառներով «ոչխար ժողովուրդ» ենք… 🎵«Թաթուլի մայրաքաղաք»ը ո՞ւր է։ Ի՞նչ պատճառներով Գէւ Օրգեան կը տխրի։ Ստեփան Փարթամեան կը խօսի հայու տեսակի մը մասին, Easy come easy go-ին մասին, որո՞նք են ատոնք։ 🇦🇲«Բոլոր հայերը Պարպատոս երթալու տեղ, Հայաստան թող գան»։ 🇦🇲🇮🇱Հայերու եւ հրեաներու տարբերութիւնները … ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Ստեփան Փարթամեանի եւ Գէւ Օրգեանի հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #49 | Յակոբ Չոլաքեան՝ Քեսապի, Արեւմտահայէրէնի եւ Իրական Հայրենիքի մասին | 13 Sep 2025 | 00:41:52 | |
🇦🇲🇸🇾Նոյ նահապետը եւ Քեսապը. Ի՞նչ է առընչութիւնը։ Մարդ միայն բարեկեցութեա՞ն համար կ՚ապրի։ Հայերը ինչո՞ւ կը փախչին. ի՞նչն է պատճառը։ 🇦🇲🇵🇸Պաղեստինցիները եւ հայերը. ի՞նչ տարբերութիւններ կան։ Միայն դպրոցն է, որ կրնայ պահել մեզ եւ մեր լեզուն։ Չկայ հայրենիք, ուրեմն չկայ հայութիւն։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ քեսապցի գրող եւ հայագէտ՝ Յակոբ Չոլաքեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #48 | Միրա Եարտըմեանը՝ Լիբանանի, Լիբանահայութեան Վախերուն Եւ Հայաստանի Արժէքին Մասին | 08 Sep 2025 | 00:25:57 | |
🇱🇧Ի՞նչ գործընթացներ են Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ են ակնկալիքները։ Լիբանանցիք վարժ են տագնապներու մէջէն թիավարելու։ Վերջապէս երկիրը ունեցաւ նախագահ, կառավարութիւն եւ այդ մէկը իր հետ լաւատեսութիւն բերաւ։ Լիբանան ապրիլը ինքնին որոշումի մը մասին կը խօսի։ 🇦🇲Սփիւռքահայերը ինչքանո՞վ կապուած են հայրենիք Հայաստանին։ Հայաստանի մէջ է, որ շատ մը սփիւռքահայեր զիրար ճանչցան եւ ստեղծեցին նոր ու մշտական կապեր։ Սփիւռքի մշակութային զանազանութիւնը հարստութիւն է հայութեան համար։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ համայնքային-միութենական գործիչ՝ Միրա Եարտըմեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #47 | Մարիա Ղարիպեանը՝ Նորաձեւութիւն, Հայրենասիրութիւն Եւ Հայաստանի Մարտահրաւէրներ... | 19 Aug 2025 | 00:36:45 | |
🇸🇾🇦🇲Մեծ է թիւը անոնց, որոնք չդիմացան Երեւանի մէջ ու վերադարձան Հալէպ, հոնկէ ալ հեռացան դէպի եւրոպական ափեր 🇦🇲👗Նորաձեւութիւն. Ինչպիսի՞ն է այդ ոլորտի վիճակը Հայաստանի մէջ, ի՞նչ են խնդիրները Հալէպ, թէ՞ Երեւան. ո՞ր քաղաքն է նախընտրութիւնը։ Երեւանի հանդէպ սէրը… 📲I Phone 16-ը եւ նորաձեւութեան աշխարհը. Ի՞նչ են կապերը Ո՞րն է Մարիա Ղարիպեանի մեծագոյն երազը Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցեց նորաձեւութեան բնորդուհի Մարիա Ղարիպեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #46 | Կիրակոս Գույումճեանը՝ Հալէպի, Գործարարության եւ Հրապարակախօսութեան Մասին | 12 Aug 2025 | 00:56:29 | |
🇸🇾🇦🇲Ի՞նչ մնաց «Հին Հալէպ»էն... Երազ էր Հալէպը, ու այնտեղ ապագայ մը կերտելը դարձաւ երազանք։ 📝Մեր խօսակիցը ինչպէ’ս կարողացած է միացնել գրելու ձիրքն ու գործարարի կեանքը։ 🇦🇲Սփիւռքահայերու Հայաստան վերադարձի հարցը. ինչո՞ւ տապալեցաւ... Ի՞նչ առաջարկեց մեր հիւրը, որ Հայաստանի զարգացման ճանապարհին դրական տեղաշարժ մը գոյանայ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է քուէյթահայ գրող, հրապարակախօս եւ գործարար Կիրակոս Գույումճեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #45 | Սարգիս Պալըխեանը՝ Հայաստանի Ապագայի, Հեղափոխութեան, Սփիւռքի եւ Հայ Դատի Մասին | 02 Aug 2025 | 01:00:20 | |
🇦🇲Հայկական ապագան ինչո՞ւ մթագնած է։ Ո՞ւր կարելի է հանգիստ ապրիլ։ Ո՞վ լաւ ընդդիմադիր էր, եւ ո՞վ է ան, որ Հայաստանն այսօր անկարող է ղեկավարել։ Սփիւռքի մէջ ի՞նչը կարիք ունի բարեփոխման եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ո՞րն էր առաջնային. Հայոց Ցեղասպանութեան խնդի՞րը, թէ՞ Արցախը որպէս Հայաստանի մաս ճանաչելը։ Ի վերջոյ, առանց Հայաստանի հայ ժողովուրդը պիտի կարողանա՞յ գոյատեւել, թէ՞ ոչ։ ⭕️Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է հանրային գործիչ, «Հալէպ» բարեսիրական միութեան նախագահ Սարգիս Պալըխեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #44 | Համբիկ Սարաֆեանը՝ Սփիւռքի, Հայաստան-Թուրքիա Կապերու Եւ Խաղաղութեան Մասին | 24 Jul 2025 | 00:52:59 | |
🇱🇧🇦🇲Պէյրութի հայկական թաղամասերու՝ Հաճընի, Խալիլ Պատուիի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ի՞նչ փոխուած է այսօր եւ առհասարակ ի՞նչ են սփիւռքահայութեան հիմնահարցերը։ «Հինցած» խօսոյթները վտանգաւո՞ր են եւ ինչո՞ւ։ Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն, պիտակ եւ մեղադրանք պիտի ունենայ իր հակազդեցութիւնը։ Ի՞նչ պատճառներով պէտք է ըլլալ զգոյշ եւ իրատես։ Ճիշդ նաւարկել այսօրուան աշխարհին մէջ եւ ինչպէ՞ս հասնիլ այդ մակարդակին։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #43 | Սեդրակ Պալեանը՝ Երուսաղէմի, Save the ARQ-ի եւ «Կովերու Պարտէզ»ի մասին․ | 11 Jul 2025 | 00:42:16 | |
Ե՞րբ եւ ի՞նչ պայմաններու տակ հիմնուեցաւ նախաձեռնութիւնը։ 🇦🇲🇮🇱«Կովերու պարտէզ»ը ինչո՞վ կը կարեւորուի։ Գործարքը , որ կնքուած է՝ «լա՞ւ» կամ «վա՞տ» գործարք է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ յարձակում գործեց Երուսաղէմի հայ բնակիչներուն վրայ եւ ինչո՞վ աւարտեցաւ այդ բախումը։ 🇮🇱🇦🇲Երուսաղէմը եւ Արցախը ինչո՞վ կը նմանին իրարու։ Հայութիւնը պէտք է ոտքի ելլէ՝ փրկելու հայկական Երուսաղէմը ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Save the ARQ նախաձեռնութեան համահիմնադիր Սեդրակ Պալեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #42 | Արա Գօչունեանը՝ ինքնութեան, Թուրքիոյ մէջ թերթ հրատարակեկու եւ մամուլի մասին | 02 Jun 2025 | 00:58:48 | |
🇦🇲🇹🇷Թուրքիոյ մէջ ինքնութեան հարցեր, հայերէն թերթ հրապարակելու փորձառութիւն։ Այսօր որո՞նք են պոլսահայութեան մարտահրաւէրները։ Պահպանողական ըլլալու մասին կան կարծրատիպեր եւ պիտակաւորումներ։ Ինչպէ՞ս վերաբերիլ, երբ դիմացինդ քեզի «Դուն թուրք ես» կ՚ըսէ… Հայ մամուլի խնդիրներն այսօր։... ⭕️Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Արա Գօչունեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #41 | Այտա Մինասեանը՝ մանկապատանեկան թերթերու, արեւմտահայերէնի և Հալէպի մասին | 24 May 2025 | 00:36:26 | |
📰Սփիւռքեան գաղութներուն մէջ մանկապատանեկան թերթերը ինչպէ՞ս զարգացան։ Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է արեւմտահայերէն մանկագրութիւնը։ 🇦🇲Սպասումներ կա՞ն, որ Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը ծաւալուի։ Հ-ո՞վ գրել, թէ՞ յ-ով. Յակոբ Չոլաքեանը ձեւ մը կ՚առաջարկէ, իսկ Արմենակ Եղիայեանը՝ բոլորովին այլ ձեւ։ 🇸🇾🇦🇲Մեր հիւրին համոզումով՝ «Հալէպը կայ ու կը մնայ»։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է մանկավարժ, մանկապատանեկան թերթերու հրատարակիչ՝ Այտա Մինասեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #40 | Մանօ Բրուտեանը`Սուրիայէն Հայաստան անցում, դժվար տարիներ եւ առողջ ապրելակերպ | 16 May 2025 | 00:48:33 | |
🇦🇲🇸🇾Ետդարձի ճանապարհ չկար. լեզուն ամբողջութեամբ հասկնալու հարց կար։
Ինչո՞ւ բոլորը ծուռ կը նայէին։ Մանոյի եղբօր մազերը խօսելու թեմա դարձան։ Կօշիկի կապ կապելու դժուարութիւն, ինքնաշարժին տակ պառկելու խնդիր եւ շնչակտուր վիճակ։ 🏋♂Ե՞րբ սկսիլ մարզանքի եւ ինչո՞ւ։ 🇦🇲Ինչպէս զարգացաւ մարմնամարզութիւնը Հայաստանի մէջ։ ⭕Եւ այս բոլորէն անդին, ճիշդ սնուելու, ժամանակը յարգելու եւ առողջ ապրելու մասին Սագօ Արեան զրուցած է մարմնամարզիչ եւ սննդաբան Մանօ Բրուտեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #39 | Լեւոն Իսկէնեանը՝ Երաժշտութեան, Մշակոյթի եւ Պատերազմի Հետեւանքների մասին | 04 May 2025 | 00:38:57 | |
🎵Ինչպէ՞ս «Կիւրճիէֆ անսամպլ»ի կատարումները հասան միջազգային երաժշտական հարթակներ։ 🏆Ի՞նչ մրցանակներ ստացած է Լեւոն Իսկէնեանի ղեկավարած «Կիւրճիէֆ անսապլ»ը։ Կային քաղաքներ, ուր հայկական երաժշտութիւնն առաջին անգամ հնչեց։ Կեանք մը, որ կ՚անցնի պատերազմներու մէջէն։ Մեր իրական զէնքը նաեւ մշակոյթն է։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ Լեւոն Իսկէնեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #38 | Նուշիկ Միքայէլեան-ը՝ մշակոյթի, Հայաստանի եւ գրողի խնդիրներուն մասին | 26 Apr 2025 | 00:48:54 | |
Երկու մշակոյթներով ապրիլ. Դժուա՞ր է, թէ՞ դիւրին 🇦🇲Հայաստանը ունի՞ առաւելութիւններ Հայաստանի հարուստները եւ մշակոյթը. կա՞ն առընչութիւններ Այսօր բարոյական մթնոլորտը խոցելի է. ի՞նչ են պատճառները Հզօր պետութիւնը ուրկէ՞ սկիզբ կ՚առնէ Ինչո՞ւ գրողը պահուան մը համար «մահացաւ» եւ ո՞ւր եղաւ ատիկա։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է գրող Նուշիկ Միքայէլեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #37 | Րաֆֆի Ետալեան- ը` արուեստի, ինքնութեան եւ «վերջնական» հայրենիքի մասին | 19 Apr 2025 | 00:35:33 | |
🎨Արուեստի պատմութեան մէջ այդ մէկը ընդգծուած է. ինչի՞ մասին է խօսքը։ 💓Սէրը ի՞նչ կը բերէ։ Խաղաղութիւնը ի՞նչ կը բերէ իր հետ։ 🇦🇲Հայու ճակատին ի՞նչ գրուած է։ Հայ նկարիչ կոչուիլ ի՞նչ կը նշանակէ։ Ի՞նչ տեսակ հայրենիք երազել եւ ինչո՞ւ։ ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայրենադարձ արուեստագէտ՝ Ռաֆֆի Ետալեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #36 | The Bites Blog- ը՝ Հայաստանի մէջ ուտելիքի մշակոյթի, այլ խոհանոցներու մասին | 12 Apr 2025 | 00:35:38 | |
🇦🇲Ինչպէ՞ս ընտրել Երեւանի համադամ ուտելիքները։ Եթէ չկրնաս ուտել ուտելիքդ, ի՞նչ ընել այդ պարագային։ 🍟🥨🍩🍫Ճաշերու տարբերութիւններ, մշակոյթի զանազանութիւն։ Համեղ ճաշ պատրաստելու համար ի՞նչ է հարկաւոր եւ ի՞նչ են թերացումները այդ առումով։ Քանի՞ տեսակ շաուրմա կայ. մեր ճանչցած շաուրման եւ Երեւանի մէջ պատրաստուած շաուրման ինչո՞վ կը տարբերին։ Համը նաեւ մշակոյթ է. այդ առումով սորվելիք կա՞յ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է The Bites Blog վարողին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #35 | Ռազմիկ Փանոսեանը՝ արեւմտահայերէնի, սփիւռքի եւ «Կիւլպէնկեան»-ի մասին | 04 Apr 2025 | 00:50:31 | |
🤔Այսօր Սփիւռքի մէջ ովքե՞ր են արեւմտահայերէնի իրական պաշտպանները։ Արեւմտահայերէնը ի՞նչ է մեզի համար եւ ի՞նչ տիպի լեզու կը համարուի։ 🇦🇲Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս սխալեցաւ սփիւռքահայութիւնը։ 🤝Միասնութեան հաւատա՞լ, թէ ո՞չ. ի՞նչ է առհասարակ միասնութիւն։ Միասին աշխատի՞լ, թէ՞ բեմերէն ամպագոռգոռ խօսիլ։ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան» հայկական բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #34 - Անդրանիկ Քիլիսլեան (Abu Hagop) | 29 Mar 2025 | 00:37:49 | |
Մեծ մօր յորդորը... 🌯Ուտելիքը ինչո՞ւ յիշողութիւն է Ո՞ւր սորվեցաւ խոհանոցի հմտութիւնները Յիշողութիւնը «սեղմել» եւ իրար քով հաւաքել Մսաշոթ, մսալոշ եւ ի վերջոյ՝ լահմաճիւն... Բազում լեզուներ եւ մէկ «պարունակութիւն» Բոլոր գործերը որո՞ւ վստահիլ Ճաշ պատրաստելը մշակոյթ է եւ խորքերուն մէջ հայրենիքը պահելու, պատմութիւնը պահպանելու ճիգը կայ ⭕Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրոյց մը ունեցած է Անդրանիկ Քիլիսլեանի ( նաեւ յայտնի իբրեւ Ապու Յակոբ) հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #33 - Վարդան Գաբրիէլեան | 23 Mar 2025 | 00:59:25 | |
❓Սփիւռքի մէջ ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ։ Մեր հաւաքական կեանքին մէջ դրական կողմը ո՞րն է։ «Հսկայական գործ» ըրած ենք ըսելով, ինչի՞ մասին կ՚ակնարկէ մեր հիւրը։ Որակ եւ քանակ. Ի՞նչ է յարաբերակցութինը։ Կարեւորը յարատեւ աշխատանքն է։ Որո՞ւ խօսքին վստահիլ եւ որո՞ւ՝ ո’չ։ ⭕Այս նիւթերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Միասին» հարթակի հիմնադիր՝ Վարդան Գաբրիէլեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #32 - Երուանդ Զորեան | 14 Mar 2025 | 00:33:13 | |
Իրական թիւը այն հայորդիներուն, որոնք արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ կը գործեն։ 1️⃣Թիւերը ինչի՞ մասին կը խօսին։ Մեր յաջողութիւնը ինչի՞ մէջ կ՚երեւի։ 🔫«Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութեան» հարցը ի՞նչ է։ 🇦🇲Հայաստանը ինչպէ՞ս ապահով պահել։ 🇨🇳🇹🇼Չինաստան-Թայվան «յարաբերակցութիւն»... Դպրոց, հայկական դպրոց եւ այսօրուան արդիական ընտրանքներ։ Մտահոգ ըլլալ, բայց չվախնալ… Ինչո՞ւ այսօր բախտաւոր ենք… ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է «Սինոբսիս-Armenia» կազմակերպութեան նախագահ, Հայկական առցանց համալսարանի հիմնադիր՝ Դոկտ. Երուանդ Զօրեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #31 - Ռաֆֆի Տուտագլեան | 08 Mar 2025 | 00:28:51 | |
Ի՞նչն է, որ մարդ արարածին երազներն ու միտքերը «կը յղկէ»։ Վերատեսութիւն յանուն ինչի՞ եւ ինչո՞ւ հիմա։ Մեծագոյն արժէքը մարդուս համար ի՞նչն է։ Ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը խուսափի մեր հաւաքական պարտութեան մէջ իր բաժին պատասխանատուութիւնը ընդունելէ։ 🇦🇲Հայ մարդու առաջին եւ վերջնական կայարանը ո՞ւր է։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ Րաֆֆի Տուտագլեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #30 - Ափօ Սահակեան | 28 Feb 2025 | 00:43:03 | |
🎵Ինչպէ՞ս սիրեց երգն ու երգելը։ 🇦🇲Ի՞նչ կայ ամէն հայու սրտին մէջ։ Անոր եարը ո՞ւր է։ 🇮🇱Երուսաղէմ եւ «փակ դռներ». ի՞նչ հասկնանք։ 🇮🇱🇵🇸Պատերազմէն ետք Կազայի մէջ ի՞նչ պատահեցաւ։ 🇦🇲Հայաստանի մէջ ի՞նչը աւելի յարգուած է, քան Սփիւռքի մէջ։ ⭕️Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է սաղիմահայ երգիչ՝ Ափօ Սահակեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #29 - Ռուբէն Ճանպազեան | 22 Feb 2025 | 00:43:09 | |
Տարիներու ընթացքին հայ մամուլին մէջ համատարած երեւոյթ դարձաւ արտատպութիւնը։ 📰Կարծէք մրցումի ելած են մեր թերթերը, թէ ո’վ աւելի շատ պիտի արտատպէ։ Լեզուն գործածելու ատեն չպէտք է վախնանք։ Լեզուի «սրբադասումը» միայն վնաս բերաւ մեզի։ 🇨🇦Ես Գանատա ծնած մեծցած եմ, եւ այդ մէկը անկարելի է հերքել կամ ատկէ խուսափիլ։ 🇦🇲12 տարեկանիս առաջին անգամ Հայաստան այցելեցի, եւ այդ այցելութիւնը զիս կապեց այս երկրին։ Հայաստանը երկիր մըն է, ուր արեւմտահայերէնը կրնայ ծաղկիլ։ Եւ մեր լեզուն ծաղկեցնելու համար ահագին գործ կայ ընելիք։ ⭕Այս բոլորին մասին լրագրող Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ հրապարակախօս, «ԹորոնթօՀայ» թերթի խմբագիր՝ Ռուբէն Ճանպազեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #28 - Սեւան Պետրոսեան | 14 Feb 2025 | 00:33:37 | |
🇦🇲Հայ ըլլալու գաղափարը Սփիւռքի մէջ «հիմնուած» է մի քանի հիմնական հանգամանքներու վրայ։ Քրիստոնէութիւն, գրերու գիւտ եւ Ցեղասպանութիւն… Այդ «ինքնութեան փաթեթ»ը ձեւաւորուած էր 1960-ականներու սկիզբը։ Պատերազմը եկաւ եւ այդ փաթեթը «խախտեց»։ Այս բոլորն ինչքան ալ ցաւոտ ըլլան, մեր պատմութեան մէջ ընդամէնը ակնթարթ մըն են։ Սեւան Պետրոսեանը համաձայն է այն գաղափարին հետ, որ ամէնէն աւելի մենք իրար հետ խօսելու կարիքն ունինք։ ⭕️ Նշուած թեմաներուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է Ընկերային աշխարհագրագէտ Սեւան Պետրոսեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #27 - Ժիրայր Բաբազեան | 08 Feb 2025 | 00:33:27 | |
Արտասահմանի մէջ մեր միութիւնները կը շարունակեն մեծ-մեծ խօսիլ։ Յաջողի՞լ կուզէք, դրամը սեղանին դրէք։ 🇦🇲🇷🇺Հայաստանի մէջ ռուսական թատրոն ունինք, բայց արեւմտահայերէնով թատրոն չունինք։ Արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց մը ստեղծելը կարեւոր է։ Մեզի համար մտայնութիւնները փոխելը հիմնական մարտահրաւէր մըն է։ Կա’մ կը գերագնահատենք (մենք մեզ) կա’մ ալ կը թերագնահատենք (մեր թշնամիները)։
Մեր թշնամիները մեզի կը յաղթեն, եւ մենք կը շարունակենք հաշուի չառնել մեր շուրջ տեղի ունեցածները։ 🇦🇲🇱🇧Պէյրութը արեւմտահայերէնով հայ թատրոնի սիրտն է։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է դերասան, բեմադրիչ՝ Ժիրայր Փափազեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #26 - Միհրան Միհրանեան | 02 Feb 2025 | 00:39:13 | |
🇦🇲Առանց տեսնելու, առանց գիտնալու, ինչպէ՞ս կըլլայ հայրենիքի սէրը։ 🇱🇧🇸🇾🇦🇪Պէյրութ, Հալէպ, Տուպայ, բայց յատկապէս՝ Երեւան։ Զանազան ազգերու հետ շփուելով՝ ամենափայլունը հայ ազգն է։ ✍️Զգացած է, որ վեց մատ ունի, եւ վեցերորդ մատը մատիտն է։ 🇦🇲Հայ ժողովուրդի անցեալն իմանալ, անցեալը ճանչնալ ու այդպէս նայիլ ապագային։ «Բոլորը սիրելի են ինծի, նոյնիսկ՝ անգրագէտները...»,-այսպէս կ՚ըսէ ան։ ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է երգիծանկարիչ Միհրան Մինասեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #25 - Հրաչ Քալսահակեան | 24 Jan 2025 | 00:49:04 | |
🌟Մեր խօսակիցը «սուբըր սթա՞ր» է։ Ի՞նչ ըսել է տարակարծիք ըլլալ, տարակարծութիւնը որո՞ւ «մահն» է։ 🇦🇲Հայաստանի մէջ փոփոխութիւնները երեւելի՞ են։ 🍕Փոփոխութիւնը «փիցա»ին հետ կա՞պ ունի։ Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ միջոցներով պիտի զարգացնենք Հայաստանը։ Հայ ժողովուրդը ժամանակի լուրջ խնդիր ունի, ժամանակը մեր դէմն է։ ⭕️Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է պլոկըր, համայնքային գործիչ Հրաչ Քալսահակեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #24 - Պարգեւ Թասլաքեան | 17 Jan 2025 | 00:37:47 | |
🇦🇲🇱🇧Մեր հիւրը երկու հայրենիք ունի։ 🎵Ո՞ր մեղեդիներն են անչափ հզօր։ 🇱🇧Ինչպէ՞ս «իսլամիստներ»ը սպառնացին անոր՝ Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ։ Ինքնաշարժի խափանում, ապա մէկ տարի անց՝ «բանակցութիւններ»։ 🇹🇷🇦🇲 Ինչպէ՞ս վարուեցաւ տեսնելէ ետք, որ թուրք «համարուած» երաժիշտը հայ դուրս եկաւ։ ⭕️ Նշուած թեմաներու մասին Սագօ Արեան զրուցած է երաժիշտ, խմբավար Պարգեւ Թասլաքեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #23 - Տիգրան Եկաւեան | 11 Jan 2025 | 00:37:23 | |
🇦🇲Հայ ըլլալը ընտրութի՞ւն Է։ Սփիւռքին եւ Սփիւռքի հայութեան հանդէպ վստահութեան հարց մը ունի՞ն հայկական կառոյցները։ 🇦🇲🇨🇾Ո՞վ եւ ինչո՞ւ դաւաճանեց սփիւռքին, երբ փակեց Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը։ Սփիւռքի մէջ թիւ մէկ քանդողները ովքե՞ր են։ Եկեղեցի երթալը միայն ձեւական մօտեցում մը չէր երէկ, այսօր ալ այդպէս չպէտք է ըլլայ։ Մենք կարիք ունինք նոր գրականութեան մը եւ նոր շունչի մը։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է ֆրանսահայ լրագրող Տիգրան Եկաւեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #22 - Արթօ Թունչպօյաճեան | 30 Dec 2024 | 00:37:11 | |
🇦🇲Սփիւռքահա՞յ, թէ հայաստանցի… «Ես եմ Հայաստան»ը. մեր հիւրը ինքզինք նոյնացուցած է Հայաստանին հետ։ Առանց «Այ. Ֆոն»ի ո՞ւր երթալ։ Զգացումները հեռախօսներով կամ սարքերով կը չափո՞ւին։ Ապրիլ քսանչորսը ուրախ օ՞րն Է. ինչո՞ւ: Հայութեան իրական արժէքը ի՞նչն է։ Նաւթ չունինք, ոսկի չունինք... ի՞նչ ունինք։ Նաւթը օր մը պիտի վերջանայ, բայց հայութեան արժէքները կը մնան։ ⭕️Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ երգիչ, կատարող եւ երաժիշտ՝ Արթօ Թունչպօյաճեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #21 - Աւետիս Ռազմիկ (Փոշօղլեան) | 20 Dec 2024 | 00:31:51 | |
Ազատութեան սահմանում, մամուլ եւ լրագրութիւն։ 🇦🇲Ինչո՞ւ հայերս սոսկալի ենք։ «Լոլոներ»ը ո՞ւր կը տանին մեզ։ 🇦🇲🇨🇾Կիպրոսը, Մելգոնեան վարժարանը եւ «ազգակործան քաղաքականութիւն»ը։ ⛪Ինչո՞ւ եկեղեցի երթալ։ Ո՞վ է իսկական խմբագիրը։ Ո՞վ է իրական հայրենասէրը եւ ինչո՞ւ։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, հրապարակախօս՝ Աւետիս Ռազմիկին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #20 - Հրայր Գալեմքէրեան | 13 Dec 2024 | 00:45:09 | |
🇦🇲Հայկական թատրոնը «ողջ» է՞, թէ՞ «մեռած»։ 🇦🇲🇱🇧Լիբանանահայութիւնը եւ թատրոնը։ Հայոց լեզուն «հիւանդանոց»ի ո՞ր սենեակն է այս օրերուն։ Կէս միլիոն դիտում ունեցած են Պուրճ Համուտի մասին պատմող տեսանիւթերը։ Սփիւռքին «սփիւռքը ո՞ւր է... 🇦🇲«Հայ լեզուն տունն է հայուն»… ճիշդ է, բայց այդ տունը պէտք է վերանորոգել... Ան Միայն 3 ամիսով եկած է Հայաստան, ու այդ 3 ամիսը դարձած է 33 ամիս։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է բեմադրիչ, դերասան եւ multimedia artist Հրայր Գալեմքէրեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #19 - Հրակ Փափազեան | 22 Nov 2024 | 00:48:08 | |
🇹🇷🇬🇪Ո՞վ եւ ինչո՞ւ եւ որո՞ւ համար է, որ կ՚ըսենք՝ «Ծնած է Պոլիս, եւ մեռած է Թիֆլիս»։ Ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ հետդ, երբ կը գտնուիս լերան գագաթին եւ երբ խօսակիցդ՝Թուրք է։ Մենք ճանչցա՞ծ ենք թուրքը եւ Թուրքիան։ Ո՞ւր է «մեր» տունը եւ ի՞նչ ընել այդ «տան զգացում»ը ապրելու համար։
🇦🇲Ի վերջոյ ինչո՞ւ անցնող տարիները սպառումի եւ մաշումի տարիներ եղան։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է երիտասարդ մտաւորական, համալսարանի դասախօս՝ Հրակ Փափազեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #18 - Գէորգ Եազըճեան | 15 Nov 2024 | 00:39:42 | |
🇸🇾🇱🇧Քեսապ-Պէյրութ ճանապարհներէն ի՞նչ յիշողութիւններ ունի ան։ Ի՞ նչ ըսաւ արաբ գիւղացին եւ ինչո՞ւ զարմացաւ ինք։ 🇦🇲Հայութեան այսօրուայ մարտահրաւէրները։ Կարգապահութիւն ու օրէնք յարգելը կարեւոր են։ 🇩🇪🇯🇵Գերմանիան ու Ճաբոնը ինչպէ՞ս կրցան դուրս գալ աղէտներէ։ Այսօրուայ պայքարն ինքնութեան համար է։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է հրապարակախօս, պատմաբան Գէորգ Եազըճեանի հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #17 - Ստեփան Փարթամեան | 08 Nov 2024 | 00:40:41 | |
Ո’չ կրօնքը, ո’չ պատմութիւնը, այլ մշակոյթն է, որ կրնայ փրկել հայութիւնը։ 🇦🇲Մենք այսօր մշակոյթ չունինք եւ մեր մշակոյթը հայկական չէ...
🇦🇲Երեւանը այսօր «շաուրմայանոց» դարձած է։
🇨🇳Օր պիտի գայ, երբ Երեւանի բոլոր ցուցանակները չինարէնով պիտի գրուին։ Այսօր մենք ցաւ «չունինք», եւ բոլորը ուրախ են։ 🇺🇸Անոնք, որ մօրս հայհոյած են, զիրենք «Foreston» ղրկած եմ։ ⭕️Սագօ Արեան «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ով զրոյց մը ունեցած է Ստեփան Փարթամեանին հետ․ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #16 - Արէն Տէյիրմենճեան | 02 Nov 2024 | 00:34:19 | |
🇦🇲Ի՞նչ պայմաններու տակ Հայաստանը նոր էջ մը բացաւ Արէն Տէյիրմենճեանի կեանքին մէջ։ Հայաստանի համար մեծ գործ կայ ընելիք։ Մեր երկիրը կարիքն ունի ուշադրութեան, որ վաղուան օրը չղջանք։ Ուր ալ աշխատիս, պարտաւոր ես արհեստավարժ ըլլալ։ 🇦🇲Մեր խօսակիցին մեծ երազն է, որ տարիներ անց Հայաստանը դառնայ այն երկիրը, ուր բոլոր հայերը փափաքին ապրիլ։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է AMAA-ի Հայաստանի ներկայացուցիչ ՝Արէն Տէյիրմենճեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #15 - Թամար Նաճարեան-Իսաճանեան | 19 Oct 2024 | 00:35:39 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։ ❓📖Ինչ պայմաններու տակ գիրքը դարձաւ սիրելի։ Իւրաքանչիւր տան մէջ, գիրքին հանդէպ սէրը «փոխանցիկ» պէտք է ըլլայ եւ մեր խօսակիցի պարագային այդ «փոխանցում»ը կատարած է Թամարի մայրիկը։ 🇦🇲📚Ի՞նչ կը յիշենք այն գրադարարններուն մասին, որ կը գտնուին հայկական դպրոցներուն մէջ, եւ որոնք յաճախ անտեսուած կ՚ըլլան։ 💟Իրար հանդէպ սէրը ամէնէն աւելի կարեւորն է, այսօր հայութեան մէջ հիմնականին մէջ սիրոյ պակասն է։
Ինչ պայմաններու բերումով եւ ինչու համար շարք մը մարդիկ, որոնք հայրենասէր կը ներկայանան այսօր բռնած է գաղթի ճամբան։
⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է Թամար Նաճարեան-Իսաճանեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #14 - Ասպետ Քոչիկեան | 11 Oct 2024 | 00:42:35 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ըԱսպետ Քոչիկեանին հետ - Ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն. -Քաղաքական լուրեր եւ անկէ հեռու մնալու որոշում -Ոչ ոք չի կրնար նոյն գետին մէջ մտնել, որովհետեւ ո՛չ մարդը նոյնն է, ո՛չ ալ՝ գետը։ 🇦🇲Բոլորը «մասնագէտ» են այս օրերուն, առաջ կային «քովիտագէտներ», հիմա՝ «խաղաղագէտներ» եւ «պատերազմագէտներ»։ ❓Եւ ի վերջոյ, ո՞ւր է Վահէ Պէրպէրեանի ըսած The place where the donkey died -ը: ⭕️Թեմաներ, որոնց մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է քաղաքագէտ Ասպետ Քոչիկեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #13 - Ժիրայր Չոլաքեան | 04 Oct 2024 | 00:38:49 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Ժիրայր Չոլաքեանին հետ 👨🏼🦳«Հոբար ջան» ըսելով վիրաւորական է՞ կամ ոչ։ 📝Լեզուն ինքը մշակոյթն է։ Մշակութային կոթողները պէտք է պաշտպանուին,, բայց լեզուն չպէտք է մոռացութեան մատնուի։ 🇦🇲Արեւմտահայերէնի գծով Հայաստանի մէջ շատ ընելիք կայ, մեծ աշխատանք կայ։ Արեւմտահայերէնը այսօր բացակայ է Հայաստանի մէջ եւ այս առումով Սփիւռքը մեծ ընելիք ունի։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Ժիրայր Չոլաքեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #12 - Կարօ Փայլան | 27 Sep 2024 | 00:31:57 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Կարօ Փայլանին հետ Վարժ ենք օտարները մեղադրել եւ վարժ ենք մանաւանդ զիրար մեղադրել։ Այն խորհրդարանը, որուն անդամն էի, շատ աւելի տարբեր էր այսօրուան խորհրդարանէն: 🇺🇸🇹🇷Ամերիկան չպատժեց Թուրքիան. ինչո՞ւ. պատճառները յստակ են։ Խաղաղութի՞ւն, թէ՞ պատերազմ․․․ Էրտողան միայն իր շահերուն մասին կը խորհի։ 🇹🇷🇷🇺Թուրքիան այսօր շատ սերտ յարաբերութիւններ ունի Ռուսիոյ հետ։ 🇹🇷🇺🇸Թուրքիան երբեք պիտի չպատժուի Ամերիկայի կողմէ։ 🇦🇲Բոլորս կըսենք հոն նայինք, Ամերիկա կամ Ռուսիա նայինք, իսկ ես կ՚ըսեմ՝ եկէք դէպի Երեւան նայինք։ ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց» մը ունեցած է քաղաքական գործիչ, Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախկին անդամ՝ Կարօ Փայլանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #11 - Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան | 20 Sep 2024 | 00:33:09 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանին հետ 🇦🇲Հայաստանի մէջ Կիլիկիոյ պատմութիւնը ներկայացնող շատ քիչ իրեր կան։ 🇹🇷🇦🇿Թուրքիան, որոշ չափով կը յարգէ հայերուն, բայց Ատրպէյճան այդպէս չէ։ Մեծ փաստ մը տամ այդ առումով, ու յիշեցնեմ, որ օրինակի համար Թուրքիան թոյլ տուաւ, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վերանորոգենք։ Բոլորս կը հաւատանք բամբասանքներու։ 🇦🇲🇷🇺🇺🇦Հիմա Հայաստանը խոցելի է, որովհետեւ աշխարհը զբաղած է Ուքրանիոյ խնդիրներով 🇫🇷Ֆրանսայի իշխանութիւններն ու ժողովուրդը հայամէտ են։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է Ֆրանսահայ պատմաբան եւ հայագէտ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #10 - Հրայր Տաղլեան | 14 Sep 2024 | 00:38:51 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Հրայր Տաղլեանին հետ 🇦🇲Մեր ներկան, աւելի լաւ է, քան մեր գալիք ապագան։ 📝Դուն քեզի գրող ընելու չես, դիմացինդ քեզ որպէս գրող պէտք է ընդունի։ Գրող, չգրող եւ կամ ալ մրոտող Մեր թերթերը լոյսը կը տեսնեն, թէ «մութը կը տեսնեն»։ Այսօր եթէ նոյնիսկ նոր Պարոյր Սեւակ մը ծնի, ընթերցող պիտի չունենայ։ Սփիւռքի մէջ մանաւանդ կիրակի օրերը եկեղեցի երթալը ինքնութեան հետ կապ ունի։ Ի վերջոյ ինչ գայթակղութիւն ստեղծեց- երբ «Ծիծիկներ» խորագրով յօդուած մը գրուեցաւ։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է յօդուածագիր եւ հրապարակախօս՝ Հրայր Տաղլեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ խօսինք #9 - Անդրանիկ Տագէսեան | 06 Sep 2024 | 00:37:52 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Անդրանիկ Տագէսեանին հետ 🇦🇲Հայագիտութիւնը անէ՞ծք է, թէ շնորհ է։ «Հայկական Ռափ» ը եւ «Սթրիթ արթ»ը նաեւ հայագիտութեան մաս կը կազմեն։ Այսօր մեր զաւակները միայն մեզի չեն պատկանիր, այլ կը պատկանին աշխարհին։ Ուսուցիչի լուրջ կարիք կայ, լաւ ուսուցիչի եւ քիչ մը ամէն տեղ։ Մենք սովոր ենք, աւելի շատ խօսելու քան թէ գործելու։ "Ես երբեք բաւարարուած չեմ իր աշխատանքով, կամ աշխատանքներու արդիւնքներով": ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ հայագէտ՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #8 -Արա Օշական | 31 Aug 2024 | 00:29:26 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Արա Օշականին հետ Միշտ չէ, որ մարդիկ պատրաստ են իրենց «Հաւաքական սթրէս»ին մասին պատմելու։ 🇦🇲Երեւանի մէջ մթնոլորտը, կեանքը սիրելու երեւոյթը միայն ողջունելի է։ Պէտք է պահը ապրիլ, որովհետեւ չենք գիտէր,որ վաղուան օրը ինչ պիտի ըլլանք։ Երեք սերունդ է արդէն, որ կը տագնապինք, ի վերջոյ երբ պիտի աւարտին հայութեան տառապանքները։ Հօրս՝ Վահէ Օշականին օր մը ըսի, եկուր Արցախի մասին գիրք մը կազմենք ու այդպէս ալ եղաւ։ Հայաստանը միշտ երեւակայական էր, եւ Արցախը խորքին մէջ պատուհան մը կապ մը եղաւ Հայաստանը ճանչնալու։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան խօսած է ամերիկահայ լուսանկարիչ եւ վաւերագրող՝ Արա Օշականին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #7 - Վարդան Մատթէոսեան | Կոստան Զարեան | 23 Aug 2024 | 00:30:18 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Վարդան Մատթէոսեանին հետ| Կոստան Զարեան Ինչ պատճառներու բերումով Կոստան Զարեանին հանդէպ մեծ հետաքրքրութիւնը աճեցաւ։ Զարեան սովորական գրող մը չէր։ Անոր իրական արժէքը առաւելաբար բանաստեղծ էութեան մէջ է։ Սփիւռքը չդարձաւ Զարեանը «գրկող» էութիւն մը։ 🇦🇲Մեծ գրողը շատ խանդավառ չէր Հայաստան գալով, բայց այլընտրանք չունէր։ ⭕Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցեց Վարդան Մատթէոսեանին հետ։ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #6 - Ալեքսան Քէօշկերեան | 17 Aug 2024 | 00:39:25 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ը՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ 🇸🇾🇱🇧«Երազային Հալէպ»էն մինչեւ այսօրուայ Պէյրութ Սփիւռքի բաբախող սիրտը այսօր ալ Պէյրութն է 🇦🇲Ներգաղթի եւ Խորհրդային Հայաստանի մասին. Անձնական պատմութիւն Կուսակցութիւնները Սփիւռքի մէջ Այսօր հայութիւնը ամէնէն շատ կարիք ունի ապրող եւ ստեղծագործ հերոսներու Խաղաղութիւնը, այո ցանկալի է, բայց անհնար է խաղաղութեան հասնիլ առանց հզօր բանակի ⭕️Այս թեմաների մասին Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ գործիչ, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ալեքսան Քէօշկերեանին հետ | |||
| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #5 - Յակոբ Ճամպազեան | 10 Aug 2024 | 00:28:31 | |
🤝«Եկէք անկեղծ խօսինք»ը Յակոբ Ճամպազեանին հետ 🇱🇧🇬🇧🇨🇦Այնճարէն Լոնտոն, ապա Թորոնթո։ 🇨🇦🇦🇲Որոնք էին այն կողմերը, որ իրապէս նեցուկ եղան Թորոնթոյի հայկական համայնքին։ Վախի, ճակատագրի ու նախախնամութեան մասին։
🇦🇲Հայութիւնն ու Հայաստանը մեծ տալիք ունին մարդկութեան, եւ ի մասնաւորի իրենց հարեւան երկիրներուն։ Հայրենիքի ցաւը, հայրենիքի յաջողութիւնները եւ այդ բոլորի կողքին պատկանելիութեան զգացումն ու կապուածութիւնը։ ⭕️Այս բոլորի մասին Սագօ Արեան զրուցած է գանատահայ համայնքային գործիչ, արուեստագէտ՝ Յակոբ Ճամպազեանին հետ | |||